2015-02-05 14:22:49

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը` Յունաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 5 փետրուար 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շառս այլ պաշտօնական հանդիպումներու, հանդիպում ունեցաւ նաեւ Յունաստանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն հետ, անոնց Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կատարած կանոնական հնգամեայ այցելութեան առթիւ։
Յայտնենք թէ Յունաստանի բնակչութեան (11.291,000) մեծամասնութիւնը կը պատկանի Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցւոյ մինչ միայն 1.2 առ հարիւրը կաթողիկէ են։
Յունաստանի կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է 4 Արքեպիսկոպոսական աթոռներէ եւ չորս եպիսկոպոսական թեմերէ, ունի մէկ առաքելական հոգաբարձութիւն, Յոյն կաթողիկէներու համար Հոգաբարձութիւն եւ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ` յանձինս Առաքելական յանձնակատար գերապայծառ Նշան Արք. Քարաքեհեանի։
Եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անոնց յանձնեց գրաւոր ճառ մը, որուն մէջ շեշտը դրաւ եպիսկոպոսներուն եւ Սուրբ Պետրոսի աթոռին հետ կայացած միութեան ու հաղորդութեան վրայ, մատնանշելով նաեւ քաղաքական ու մշակութային գետնի վրայ երկախօսութեան կարեւորութիւնը` ի սպաս հասարակաց բարիքին։
Նորին Սրբութիւնը իր ճառին մէջ խօսեցաւ նաեւ յունական ընկերութեան մշակութային քրիստոնեայ աւանդութեան ամրապնդումի մասին, որ կը պահանջէ – գրեց Ան – բացուածք հանդէպ այլ մշակոյթներու, ներառեալ գաղթականութեան մէջ ապրող եղբայր ու քոյրերունը, առանց ցեղային, լեզուային կամ դաւանանքային խտրականութեան ու ապա քաջալերեց եպիսկոպոսները յարատեւելու զօրակցութեան ուղիով, յատկապէս կարեւորելով երիտասարդներուն դերը որոնք ազգին ապագան են։
Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց նաեւ, Յունաստանի մէջ տիրող տնտեսա-ֆինանսական տագնապին, խրախուսելով քրիստոնեաները` առօրեային մէջ վկայելու զօրակցութեան հոգին, մինչ հրաւիրեց եպիսկոպոսները կապ պահելու քաղաքական իշխանութիւններուն հետ ու անոնց հետ հաստատելու կառուցողական յարաբերութիւն աւելիով աճեցնելու համար զօրակցութեան հեռակաները։
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց միջ եկեղեցական եւ համամիութենական երկխօսութեան հարկաւորութիւնը, յատկապէս օրթոտոքս եղբայրներուն հետ, յանգելու նպատակով հոգեւոր պտղաբերութեան։ Ան ապա ընդգծեց կոչումներու կարեւորութիւնը եւ եպիսկոպոսները հրաւիրեց այս ուղղութեամբ յատուկ հովուական խնամակալութեան, անոնցմէ խնդրելով իրենց քահանաներուն ու կղերին փոխանցել իր սրտագին ողջոյնները։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա մատնանշեց աշխարհականներու կարեւոր դերին եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս ու անոնց պատշաճ կազմաւորումին, հուսկ շեշտը դրաւ Ընտանիքին սպառնացող ազդակներուն եւ այս ուղղութեամբ Եկեղեցւոյ յանձնառումին նորապսակեալներուն եւ երիտասարդներուն կիրարկելու քրիստոնէական պատշաճ կազմաւորում։
Իր գրաւոր ճառին աւարտին Սրբազան Հայրը մատնանշելով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, կարեւոր նկատեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրաւական ճանաչումը երկրին Քաղաքական իշխանութիւններու կողմէ։ Ան ապա խրախուսեց եպիսկոպոսները յարատեւելու իրենց առաքելութեան մէջ զանոնք ու համայն կղերը յանձնելով Աստուածամօր հովանիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.